2017-05-24 10:46:00

Քրիստոնէական յոյսը` Էմմաուսի աշակերտները Յոյսի ճանապարհին վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 24 Մայիս 2017ի առաւօտեան, առաքելական պալատին մէջ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփին հետ ունեցած յատուկ հանդիպումին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Էմմաւուսի աշակերտներու յոյսի ուղեւորութեան վրայ՝ քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն։

''Մօտեցան գիւղին ուր կերթային, իսկ Յիսուս ձեւացուց աւելի հեռու տեղ մը երթալ։ Անոնք ստիպեցին զինք եւ ըսին. ՝՝ գիշերը մեզի հետ անցուր, որովհետեւ արդէն իրիկուն է եւ օրը՝ տարաժամ։ Մտաւ անոնց հետ գիշերելու եւ երբ անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ տուաւ անոնց։ Անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան զինք, բայց Յիսուս արդէն աներեւութացած էր։ Անոնք ըսին իրարու.՝՝ Մեր սիրտերը չէի՞ն ճմլուեր երբ ճամբան կը խօսէր մեզի եւ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէր։՛՛ (Ղուկ 24, 28-32)

Երկու մարդիկ կը քալեն յուսալքումի մէջ,  այն համոզումով որ իրենց ետին թողած են ձախողութեան փորձառութիւն մը։ Զատիկէն առաջ անոնք խանդավառութեամբ եւ յոյսով լի էին։ Իրենց կը թուէր, թէ  հասած էր Յիսուսին փառքին ժամը ուր պիտի յայտնուէր անոր զօրութիւնը, սակայն այդպէս չեղաւ։

Այս երկու ուխտաւորները կը մշակէին միայն մարդկային յոյս մը, որ այժմ խորտակուած էր։ Այդ գողգոթայի խաչը խօսուն նշանն էր պարտութեան։ Ասոր համար այդ երկուքը փախուստ կու տան Երուսաղեմէն, իրենց աչքերուն մէջ կռելով տակաւին Յիսուսին չարչարանքի ու մահուան պատկերները։ Այդ Զատկուան տօնը որ պիտի հնչեցնէր յաղթանակի երգը` դարձած էր ահա իրենց կեանքի ամենէ ցաւալի օրը։

Մինչ կը քալէին ճանապարհի վրայ մտահոգ ու անձկութեամբ լի, օտարական մը կը մօտենայ անոնց։ Յիսուսն է, սակայն անոնց աչքերը կարող չեն ճանչնալ զինք, եւ Յիսուս սկիզբ կու տայ Յոյսի դարմանումին։ Ան նախ եւ առաջ հարցեր կու տայ, ապա մտիկ կ՛ընէ։ Ինք լաւապէս կը ճանչնայ անոնց յուսահատութեան պատճառները, սակայն անոնց առիթ կու տայ խորապէս մտածելու այդ տխրութեան մասին որ զիրենք յաղթահարած է ու անոնք կը խոստովանին ''մենք կը յուսայինք,,,,''

''Խորքին մէջ ամէնքս կը նմանինք այդ երկու աշակերտներուն։ Յիսուս կը քալէ բոլոր յուսահատ մարդոց հետ միասին ու անոնց հետ ընթանալով անոնց կը ներշնչէ յոյս'' – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''Իսկական յոյսը միշտ կ՛անցնի պարտութիւններու ընդմէջէն''։

Աշակերտները Յիսուսը կը ճանչնան երբ Ան անոնց առջեւ դարձեալ կ՛օրհնէ ու կը բեկանէ հացը։ Արարք մը զոր Յիսուս կը կրկնէ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ, մեզի կը հանդիպի, կ՛օրհնէ մեր կեանքը ու զայն կը նուիրէ ուրիշներուն։ 

Յիսուսի Էմմաւուսի աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումը կարճ կը տեւէ, սակայն անոր մէջ պարունակուած է Եկեղեցւոյ ճակատագիրը։ Այդ հանդիպումը մեզի կը սորվեցնէ թէ քրիստոնէական հասարակութիւնը փակուած չէ պատսպարուած դղեակի մը մէջ, այլ կը քալէ կեանքի ճանապարհին  վրայ, ուր կը հանդիպի մարդոց, անոնց յոյսերով ու յուսախաբութիւններով։ Եկեղեցին արդարեւ  կ՛ունկնդրէ բոլոր մարդոց պատմութիւնները, ապա անոնց կը շնորհէ Աստուծոյ խօսքը. Աստուծոյ սիրոյ վկայութիւնը, որ է յաւիտենական հաւատարիմ սէր։ Այդ պահուն է որ մարդոց սրտերուն մէջ յոյսը դարձեալ կը սկսի բորբոքիլ։

Դէպի Էմմաւուս տանող Ճանապարհի գաղտնիքը այս  է. նոյնիսկ հակահոսանք երեւոյթներուն ընդմէջէն, մենք կը շարունակուինք սիրուած ըլլալ, եւ Աստուած երբեք պիտի չի դադրի մեզ սիրելէն։  Աստուած միշտ պիտի քալէ մեր հետ, տառապանքի ու դժուար պահերու ընթացքին։ ''Այս է մեր Յոյսը։ Յառաջ ընթանանք այս յոյսով։ Որովհետեւ Ան միշտ մեզի մօտիկ է ու մեր հետ կը քալէ'' յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, ապա յատուկէն ողջունեց նաեւ հիւանդները, երիտասարդներն ու նորապսակները. ըսելով.''Այսօր կը նշենք Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր տօնը։ Սիրելի երիտասարդներ, սորվեցէք սիրել Աստուածածնայ դպրոցէն, սիրելի հիւանդներ, տառապանքին մէջ, երկնաւոր Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը խնդրեցէք՝ վարդարանի աղօթքով եւ դուք սիրելի նորապսակներ, Սուրբ Կոյսի նման գիտցէք  ունկնդրել Աստուծոյ կամքը` հայող ձեր ընտանիքին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.